«ԼԱՒ ՕՐԵՐ ՊԻՏԻ ԳԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ: ՊԷՏՔ Է ԴԻՄԱՆԱԼ, ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԵՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ». Յատուկ «Արարատ»ին ըսաւ ՀՀ «Հանրային Խորհուրդ»ի նախագահ Վազգէն Մանուկեան

0
285
Վազգեն Մանուկյան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ «Արարատ»ի Երեւանի աշխատակից Սագօ Արեան հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՀ նախկին Վարչապետ, ԱԺՄ կուսակցութեան նախագահ եւ ներկայիս «Հանրային խորհուրդ»ի նախագահ Վազգէն Մանուկեանին հետ:

-Պրն. Մանուկեան Հայաստան կը նշէ անախութեան 25-րդ տարեդարձը: Ի՞նչ տուաւ այս 25 տարին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Անկախութիւնը մեծ պարգեւ էր շնորհուած մեր ժողովուրդին, որովհետեւ մենք հարիւրամեակներով երազած այդ անկախութեան մասին, անկախ պետութիւն ունենալու մասին: Աշխարհի մէջ մի քանի հազար ցեղ կայ որոնք կը ցանկան անկախութիւն ունենալ, անոնց մէջ կան նոյնիսկ կայացած պետութիւններ, օրինակ` Սկովտիան Քաթալոնիան, Քէպէքը, որ կը ձգտին անկախութեան: Աշխարհի մօտ 200 անկախացած պետութիւններ կան, որոնցմէ մէկը Հայաստանն է: Քանի որ մենք 25 տարի պահեցինք այդ անկախութիւնը եւ 1918- 1920 տարիներու անկախութիւնը վերացաւ, կը հասկնանք որ այս անկախութիւնը` կայուն արժէք է, նոյնիսկ եթէ մենք անկախութիւնը ճիշդ չենք օգտագործեր: Քաջ գիտենք նաեւ, որ յաջորդ սերունդը կրնայ շտկել մեր սխալները, եւ առաջ երթալ: Մենք ունեցանք անկախութիւն, եւ ապացուցուեցաւ որ այդ անկախութիւնը կայուն է, կրնանք պահել զայն: Մեր ազգային իղձերու իրականացման ճամփուն վրայ է կարեւորագոյն խնդիրը Ղարաμաղի հարցը յստակօրէն ներկայացնելն էր եւ երբսկիզբ առաւ ղարաբաղեան պատերազմը մենք մեզմէ մի քանի անգամ հզօր հակառակորդին յաղթեցինք: Ու այս բոլորէն անդին անցնող 25 տարիներուն եղած ձեռքբերումները մնայուն արժէքներ են: Այլ խնդիր, թէ մեր պետութիւնը ինչ զարգացումներ կունենայ, մեզի համար հիմնականը եղած յաղթանակը կարենալ մեր ձեռքը պահելն է, որովհետեւ այդ պատերազմը աւարտած չէ: Մենք կերազէինք կառուցել ազատ հասարակութիւն մը, պետութիւն մը, ուր մարդիկ, ի տարբերութիւն Խորհրդային Միութեան ունենան խօսքի ազատութիւն, մարդիկ կարենան հանգիստ ներս եւ դուրս գալ, տնտեսութեան մէջ մասնաւոր սեփականութիւն ունենալ, եւայլն…:

Այդ ամէնը կայ` խօսքի ազատութիւնը, մասնաւոր սեփականութիւնը, բայց կը կարծեմ որ շատ վատ ձեւով օգտագործուեցաւ այն հնարաւորութիւնը, որ այդ ասպարէզներուն մէջ կար: Խօսքի ազատութեան մասին բան չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ բաւարարուած եմ խօսքի ազատութենէն, որ կայ Հայաստանի մէջ, բայց տնտեսութեան ասպարէզին մէջ շատ աւելի մեծ վերելք պէտք էր ունենայինք, եթէ ճիշդ ճանապարհով երթայինք, այսինքն սեփականաշնորհումը ըլլար ճիշդ, օրէնքը գործէր եւ հարստանային ոչ թէ իշխանութիւն ունեցողները, այլ հարստանային այն մարդիկ, որոնք շնորհ ունին եւ կարող են հարստանալ: Այն ծայրայեղ ազատականութիւնը, մէկ հակադրութենէն միւսին տարաւ, այդ մէկը բաւականին ճեղք յառաջացուց, նոյնիսկ եթէ ճիշդ ըլլար ամէն ինչ, միեւնոյնն է, հասարակութեան մէջ ճեղքեր կառաջանան: Ընկերվարական մօտեցումները պէտք է ըլլային աւելի էական, որովհետեւ այն ժողովուրդները որոնց առջեւ ազգային խնդիրներ կան, անոնք պէտք է կարենան որպէս միասնականութիւն, իրարու նկատմամμ վստահութիւն ունենալ: Ե՛ւ շատ հարուստներու ե՛ւ շատ աղ քատներու ճեղքը թոյլ չի տար, որ պետութեան քաղաքացիները կամ աշխարհի մէջ սփռուած հայութիւնը ինքզինք, որպէս մէկ միասնութիւն զգայ: Անկախութիւնը նպաստեց, որ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեամբ հիմնականին մէջ ` սփիւռքի մասնակցութեամբ , կրցանք շաունակել ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը:

Չնայած անոր, որ մինչ այդ սփիւռքը հսկայ աշխատանք կը տանէր, բայց եթէ Հայաստան անկախ չըլլար այդ յաջողութիւն ները չէին արձանագուէր: Շատ կարեւոր էր մեզ համար այս հարիւրամեակին առթիւ Հռոմի Պապին ոչ միայն այցը, այլ նաեւ` այն որ 21-րդ դարուն, ան նշեց.- «Ստալին, ֆաշիզմ, ցեղասպանութիւն», այսպիսով հարցը տեղայնականէն բարձրացուց համաշխարհային հարթութեան: Պաշտպանութեան նախարար եղած օրերուս, երբ մենք յառաջ կերթայինք, արդէն զգալի էր, որ Ազրպէյճանի բանակի ողնաշարը կոտրուած է: Լ. Տէր Պետրոսեան նախագահ էր, երբ իրար հետ կը խօսէինք, առիթով մը ըսի.- «խնդիրներ չկան մենք պիտի յաղթենք, ես ալ պաշտօնէս կը հեռանամ, որովհետեւ իմ գործը չէ խաղաղութեան ժամանակ Պաշտպանութեան նախարար ըլլալ,բայց հիմա ռազմաճակատը ուրիշ տեղ կը փոխադրուի, այդ ռազմաճակատը տնտեսութիւնն է»:

Տնտեսական ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ մենք մեծ խնդիր ունինք: Եղածը նահանջ չէ, սակայն դանդաղ քայլերով առաջ կերթանք եւ աշխարհը շատ արագ քայլերով կը յառաջանայ, իսկ մենք լուրջ եւ նկատելի տեղքայլ կ՚ապրինք: Ինծի համար ամէնէն աւելի մտահոգեցնողը տեսլականի հարցն է: Այն տեսլականը, որ մեզ կը համախմբէր 80-ականներուն, եւ հնարաւորութիւն տուաւ հերոսական պայքար մղել եւ հասնիլ որոշակի արդիւնքներու: Այդ տեսլականը ձեւով մը խամրած է այսօր, իսկ առանց տեսլականի` յառաջացումը շատ դժուար է: Կայ նաեւ պետութեան հանդէպ վստահութեան հարցը, որ կրնայ խանգարել մեր յառաջացումը եւ այս բոլորը հոգեբանական խնդիրներ են ու առանց այդ հարցերու լուծման ւ միւս հարցերը չեն լուծուիլ:

2-րդ հարցը տնտեսութիւնն է, ես կը կարծեմ, որ այս հարցը նոյնպէս կարելի է լուծել ամμողջ հայութեան ճիգերուն շնորհիւ: Ինչպէս հայութիւնը համախմբուած է ցեղասպանութեան ճանաչ ման գործին մէջ, նոյնը պէտք է ըլլայ յանուն Հայաստանի տնտեսութեան փրկութեան: Համայն աշխարհի հայութիւնը պիտի համախմμուի այդ խնդիրին շուրջ, պէտք է գիտակցի, որ համաշխարհային ազգ ենք եւ ո՛չ միայն աշխարհի մէջ սփռուած, այլ նաեւ` մեր ունեցած եւ ունենալիք համաշխարհային քաղա – քակրթութեան զարգացման մէջ երեւելի դերակատարութեամբ: Պէտք է նաեւ նկատի առնել աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր հնարաւորութիւնները ու անոնց ներուժով ստեղծուին հայկական կառոյցներ: Համաշխարհայնութիւնը ոչ միայն աշխարհի մէջ սփռուած ըլլալն է, այլեւ արժէքն է, այն արժէքը, որ կը ներկայացնես քու մասիդ, այդ իսկ պատճառով պէտք է ստեղծել կառոյցներ: Պէյրութէն միշտ եղած են մարդիկ, որ փորձած են հայութիւնը համախմբել, μայց այս մէկը անհնար էր առանց պետութեան. իսկ պետութեան դերակատարութիւնը մեծ պիտի ըլլար, բայց ոչ թէ պետութիւնը պիտի վերահսկէ այդ ամէն ինչը, այլ ինչ որ հաւասար ցանց ըլլայ, որուն մէջ ըլլայ պետութիւնը եւ հաւասա րապէս հայութեան բոլոր թեւերը: Ի հարկէ շատ դժուար է այդպիսի կառոյց ստեղծելը: Ցեղասպաննութեան հարիւրամեակը նշելու համար, պետական յանձնաժողով ստեղծուած էր, որուն մէջ կային 2 վեհափառները` Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ազգային- ազանդական 3 կուսակցութիւնները, մեծահարուստներ, հայկական տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ: Վերջին անգամ նախագահը հարցը բարձացուց, որ.- «անընդհատ կը խօսինք համաշխարհային կառոյցներ ստեղծելու մասին, աշխատանքային խումբ մը ստեղծենք,որ ծրագիրներ ներակայացնէ»:

Այդ աշխատանքային խումբը ստեղծուեցաւ, ծրագիրներ ներակայացուած են, հանրային խորհուրդի անդամ ըլլալով մենք ալ ունինք մեր ծրագիրը եւ քննարկած ենք զայն: Այս 25 ամեակը լաւագոյն առիթ էր, բայց երեւի չենք հասցնէր: Ղարաբաղի դէպքերը շատ բաներ ետեւ ձգեցին, բայց միւս կողմէ գիտենք, որ յոբելանական օրը մէկ օր չըլլար, այս ամբողջ տարուան ընթացքին, ցեղասպանութեան մշտական մարմինը պիտի հաւաքուի եւ առաջին քայլերը այդ ուղղութեամμ կը կատարուին, բայց դժուարութիւնները շատ մեծ են: Պետութեան մէջ շատ հեշտ է կազմակերպել մարմին մը, որովհետեւ կա՛մ քաղաքացիներ են, կա՛մ կուսակցութիւններ, սակայն սփիւռքի մէջ օրինակ Ֆրանսայի 300-էն 400 հազար հայ կայ, բայց ֆրանսական կեանքին մէջ 3-էն 4 հազար մարդ կը մասնակցի, միւս կողմէ այն մարդիկ պէտք է ինչ որ ձեւով մասնկացին համընդհանուր հայկական աշխատանքին:

Օրինակ մը տալու համար նշեմ Ֆրանսայի ամենալաւ վիրաբուժներէն համարուող Պեռնար Անդրէասեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին եղած խօսակցութիւնը, ուր վերջինս յայտնեց , թէ ՆԱԹՕ- գլխաւոր հրամանատարը իր ընկերն էր, եթէ բան մը պէտք ըլլայ կրնայ իրմէ խնդրել, բայց «Ֆրանսայի հայերը կուզէին, որ ամէն օր ժողովի երթամ, նստիմ կօշկակարներու հետ, այդ իմ գործը չէ, ոչ թէ կարհամարհեմ կօշկակարները այլ կը նախընտրեմ, որ ըլլայ այնպիսի կառոյց մը, որ օգտա գործէ իմ ունեցած բոլոր հնարաւորութիւններս»: Այս 3-400000ի մէջ հզօր հայեր կան, որոնք շատ հնարաւորութիւններ ունին եւ կուզեն մասնակցիլ ազգային գործին, ոչ թէ ժողովներու երթալով, դրօշներ բարձրացնելով, այլ իւրաքանչիւրը իրեն յարմար աշխատանքը կատարելով: Ատոր համար է կ՚ըսեմ, որ ճիշդ պիտի ըլլայ նոր եւ արդիական մօտեցումներով գործող մարմին ներ ստեղծել: Համոզուած եմ, որ այս բոլորը կան ու մեր երկրի անկախութեան 25-ամեակը իրական պահ մըն է, որ արագ վազքով իրար հետ վիճելէ ետք, կանգնինք մէյ մը, ետեւ նայինք ու տեսնենք ապագան, Հայաստանի անկախութեամբ սփիւռքի մէջ մեծ դատարկութիւն յառաջացաւ, որովհետեւ մեր մտապատկերով, մեզի հա մար «երազ Հայաստան» ը ուրիշ բան էր, այսինքն մենք կուզէինք Հայաստան մը տեսնել առանց ոճիրի, առանց մար դասպանութեան, առանց գողութեան, առանց կաշառակերու թեան:

Սփիւռքը այս 25 տարուան ընթացքին, բացի անկէ որ մասնակցեցաւ անկախութեան ամբողջ գործընթացին, հոգեկան բեկում մը կ՚ապրի: Յստակ է նաեւ, որ որոշ կողմերու կողմէ Հայաստանի մէջ եղած դէպքերը խոշորացոյցով կը դիտուին: Պարզ օրինակ մը տալով ըսեմ, որ օրինակ լրագրա կան շրջանակիս մէջ , եթէ պատահի, որ եգիպտահայ լրագրող մը այդքան ծանր մեղադրանքներ ուղղէ Ապտուլ Ֆաթթահ Սիսիին, վաղուց ասպարէզէն դուրս դրուած կըլլայ, բայց կան մարդիկ, որ նստած են եւ Հայաստանի մէջ եղած ամէնէն մանր դէպքերը կուզեն դիտել խոշորացոյցով: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը:

Առաջին հերթին ըսեմ, որ անկախութիւնը պահ մը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց սփիւռքահայութեան մօտ, μայց հոգեբանական խնդիր մը յառաջացաւ, երբ սփիւռքահայութիւնը ինքզինք պատասխանատու կը զգար հայ ժողովուրդի ապագային հանդէպ, ոչ միայն ցեղասպանութեան ճանաչմամբ այլ ընդհանուր առումներով: Հիմա սփիւռքը ակամայ այդ պատասխանատուութեան մէկ մասէն ազատեցաւ, որովհետեւ երբ ստեղծուեցաւ հայկական պետականութիւն, արդէն մարդոց մէջ, նոյնիսկ ոչ գիտակցաμար, իրենց պատասխանատուութեան զգացումը նուազեցաւ: Սփիւռքին հետ, առաջին յարաբերութիւններու ընդմէջէն, մենք հիասթափեցանք, որովհետեւ իրենք եկան հայրենասիրութեան անունով գործեր բանալու, իսկ մենք կը սպասէինք, որ սփիւռքահայը եկած է եւ իր ամμողջ ունեցուածքը պիտի տրա մադրէ յանուն հայրենիքի, բայց իրականութեան մէջ ան ալ արդար մօտեցումով մը եկած էր առեւտրական գործեր կատա րելու: Գալով պետութեան, մենք  բազմաթիւ թերութիւններ ունինք, հոկտեմμեր 27, սպաննութիւններ, կաշառակերութիւններ, «Սասնայ ծռեր», հազար ու մէկ բան:

Իր կարգին սփիւռքահայութիւնը կուզէ դասագրքային երկիր տեսնել, իսկ Հայաստանի ժողովուրդը այս երկրին մէջ կապրի, ասոնք տարբեր բաներ են, ժողովուրդն ալ դժգոհ է ասկէ, μայց այդ ժողովուրդը չþուզէր դասագիրքի մէջ ապրող հարութիւն դառնալ, այլ իրողապէս ապրիլ այս հողին վրայ: Լաւ կը յիշեմ, երբ տարիներ առաջ Լոս Անճելոսէն հայ մը եկած էր, Մանուէլ Սասունեան անոնով, ինձմէ իբր պաշտպանութեան նախարար խնդրեց Անիի աւերակները ամենամօտիկ կէտէն տեսնել, հազիւ տեսաւ Անին, ան հիասթափեցաւ եւ ըսաւ.- «Ինչո՞ւ ինծի ցոյց տուիր այս աւերակները: Ամμողջ կեանքիս պայծառ երազանք էր Անին տեսնել, բայց քանի մը գլորուած ու քանդուած քարեր տեսայ»:

Երբ մենք երիտասարդ էինք, մեզի համար ազգային կուսակ – ցութիւնները իտէալ էին, բայց երբ այդ կուսակցութիւնները Հայաստան եկան մենք հիասթափեցանք: Առաջին պահին երբ որեւէ մէկուն, երեւոյթի, պետութեան, կամ կուսակցութեան կը վերաբերիս դասագրքային վիպասանութեամբ, յետոյ իրականութեան մէջ կը տեսնես, հիասթափութիւն կապրիս, բայց խելացի մարդը այդ հիասթափութեան վրայէն կանցնի եւ կը տեսնէ, որ այդ է կեանքը եւ կը շարունակէ այդ նոր իրավիճակին մէջ ապրիլ ու աշխատիլ: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին բաւականին համախմբուածութիւն եղաւ հայութեան մէջ, եւ կարեւորը այն էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կամ ինքը` յանձնաժողովը թելադրող չէր` «դուք ձեր նախաձեռնութիւնները ներկայացուցէք, մենք կօգնենք զանոնք իրագործելու», այսինքն սովետական թելադրանքի ձեւը չկար, ինչ որ սփիւռքահայ գործիչներու մօտ վստահութիւն առաջացուց եւ այն միտքին յանգեցան, որ ապագային այս կառավարութեան հետ կարելի է համագործակցիլ ազգային հարցերու շուրջ:

Արդար ու արդիական ըլլալու համար, չէք կարծե՞ր, որ ժամանակն է, որ Հայաստանի յառաջիկայ կառավարութիւններուն մէջ սփիւռքահայ գործիչներ ներդրուին, թէկուզ ոչ կուսակցական պատկանէլիութեամբ:

Մենք արդէն սփիւռքահայ նախարարներ ունեցած ենք, որոշ շրջանի համար: Ես ուրիշ բան պիտի ըսեմ `կան երկիրներ ո րոնք ունեցած են այս փորձը, օրնիակ` Իտալիա կամ Հունկարիա կը փորձեն իրենց «սփիւռքներ»էն գործիչներ ունենալ խորհրդարանին մէջ: Մենք այդ քննարկած ենք նախագահին հետ, սահմանադրական փոփոխութիւններու ժամանակ: Իմ առաջարկն է, որ սփիւռքահայ ներկայացուցիչներ ըլլան մեր ազգային ժողովի անդամ: Նախագահը համաձայն էր, բայց կը հարցնէր ընտրութեան կազմակերպման մասին, օրինակ` Ֆրանսայի այդ 300.000- էն 3 հոգի պիտի ընտրուին , ինչ որ կրնայ բաւական բարդ կացութիւն ստեղծել գաղութին մէջ: Եթէ հայկական համաշխարհային կառոյցներ ստեղծուին եւ այդ կառոյցները սկսին գործել ու տարածուիլ ամբողջ սփիւռքի մէջ, ապա յաջորդ սահամանադրական փոփոխութիւններուն այս կամ այն ձեւով կ՚որդեգրուի սթիւռքահայ գործիչներ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ ընդգրկելու գործընթաց մը: Հիմա աշխարհն ալ փոխուած է, եթէ 19-20 դարերուն պետութիւնները կը մրցէին իրար հետ, հիմա պետութիւնները երբեմն իրենց անկախութեան մէկ մասնիկը կը զոհաμերեն եւ խումբերուվ կը մրցակցին, օրինակ` Եւրոմիութիւն, Եւրասիական միութիւն եւայլն…: Ամէն մէկուն անկախութեան աստիճանը կը նուազի, բայց հաւաքաբար կը գործեն: Անգլիա օրինակ, չընդունեց այդ մէկը եւ դուրս եկաւ: Մրցակցութեան մէջ մտած են նաեւ պետութիւններու մէջ եղող ազգային ընկերութիւնները, որոնք շատ հարուստ են եւ կազմակերպուած: Շատ ժողովուրդներ` հրեաներ, հայեր, իտալացիներ, գերմանացիներ, աշխարհի մէջ սփռուած կառոյցներ կը ստեղծեն, որ մրցակցութիւնը վերածուի ` համաշխարհային մրցակցութիւն: Այդ տեսակէտի առաջատարներէն պէտք էր ըլլայինք մենք հայերս, որովհետեւ աշխարհի չորս կողմը աւելի շատ մարդ ունինք քան այստեղ Հայաստանի մէջ: Մեր ժողովուրդը մրցակցութեան մէջ է միւս պետութիւններու հետ Հայաստանով, մեր ժողովուրդը մրցակցութեան մէջ է ուրիշ ժողովուրդներու հետ համաշխարհային կոռոյցներով եւ պետութեամμ, ինչ որ առանձին քննարկման թեմա է:

Հարցազրոյցը ` Սագօ Արեանի